2015-01-24 10:45:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը` Պրազիլի երիտասարդութեան հովուական խնամակալութեան 9 –րդ հանդիպումին առթիւ։


''Յոյսը մի կորսնցնէք եւ ձգտեցէք բարձր իտէալներու''։
(Ռատիօ Վատիկան) ''Մի կորսնցնէք երազանքն ու յոյսը, դուք յոյսի մարգարէներ էք, ընկերութեան ու եկեղեցւոյ ներկան ու մասնաւորապէս դուք կարող էք կառուցել սիրոյ նոր քաղաքակրթութիւն մը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը Պրազիլի` Մանաուսի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդութեան հովուական խնամակալութեան 9 –րդ հանդիպումին առթիւ յղած իր պատգամին մէջ։
Հանդիպման նիւթը քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանէն (Յովհ 1,38 ''Ռաբբի` ու՞ր կը բնակիս''։ ''Եկէք եւ տեսէք''։ Այս հարցումը թաքնուած է մարդու սրտին մէջ, կեանքի ամէն պահերու ընթացքին, Ի՞նչ կը սպասես կեանքէն, Ի՞նչպէս կ՛ապրիս քու անձնական կեանքի պատմութիւնդ, կը մտածէ՞ս ապագային....հարցումներ որոնք իրենց պատասխանը կը գտնեն ''Եկէք եւ տեսէք'' Յիսուսի խօսքին մէջ, կը գրէ Քահանայապետը ու կը յորդորէ ապրիլ Յիսուսին հետ ու բաժնեկցիլ Անոր կեանքը, թոյլ տալով որ Անոր նայուածքը ներթափանցէ մեր մէջ ու Անորմէ սորվիլ առաքելութիւնը` խնամելու հիւանդները, կերակրելու անօթիները, ապրելու ուրախութեամբ ու թոյլատրել որ Աստուծոյ տիեզերական սէրը առաջնորդէ մեր քայլերը եւ ընկալել տկարներն ու մեկուսացեալները։
Ապա աշխարհի չորս ծագերուն աւետել մարդկային գերագոյն կոչումը, խնամք տանիլ մարդու արժանապատուութեան ու կառուցել յարաբերութիւններ հիմնուած ոսկէ կանոնին վրայ ''ըրէ այն ինչ որ կ՛ուզէիր որ քեզի ընեն'', գիտակից ըլլալով որ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը լաւապէս կը յայտնաբերէ ընկերութեան կայուն համակեցութեան կարելիութիւնը։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յոյսը կը դնէ երիտասարդներուն վրայ որպէսզի իրենց կեանքով վկայեն Փրկարար Քրիստոսը։
Եկեղեցին ձեզ կը սիրէ – կը գրէ Քահանայապետը – ու կը յորդորէ մտիկ չընել անոնց որ այս պատմական ժամանակամիջոցին կ՛անարգեն երիտասարդները հրաւիրելով զանոնք անտարբեր չմնալ ուրիշներու տառապանքին դիմաց։








All the contents on this site are copyrighted ©.